ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կը նշէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով, որոնք թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին յատկանշական։

Երէկ յետմիջօրէին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանար նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներէն Սայաթ Կիւրիւն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին յոբելենական շրջանի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի մէջ ծաւալուած ներդաշնակ գործունէութեան վերաբերեալ։ «Երիտասարդ Լուսաւորիչներ» անուանումով այս շաբաթավերջին նախատեսուած է համերգ մը, որուն յոբելենական ծրագրի շրջանակին մէջ առանցքային նշանակութիւն կը վերագրուի։ Հայր սուրբը եւ Սայաթ Կիւրիւն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեցին, որ մեծ բծախնդրութեամբ յառաջ տարուած են այս համերգին պատրաստութիւնները։ Սոյն երեկոյթի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Նարեկեան» սրահին մէջ, երիտասարդներ երաժշտասէրներուն պիտի հրամցնեն դասական երաժշտութենէն նմոյշներ։

Զրոյցի տեւողութեան, միեւնոյն ժամանակ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Սայաթ Կիւրիւն խօսեցան Պէյօղլուի ընտանիքի վերջին շրջանի ձեռքբերումներուն եւ ապահոված դրական արդիւնքներուն շուրջ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Լուսաւորիչ երգչախումբին իրենց բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, որոնք տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարուան մը ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024