ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ
Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ արծարծուեցաւ թրքահայութեան երիտասարդաց կառոյցներուն կացութիւնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկացուց, թէ վերջերս երիտասարդական խումբեր սկսած են Պատրիարքական Աթոռին հետ բաժնել իրենց անհանգստութիւնը՝ թէ մեր երիտասարդական կառոյցները սկսած են հեռանալ իրենց բուն առաքելութենէն ու աստիճանաբար շեղիլ՝ մշակութային գործունէութեան ճանապարհէն։ Ըստ Նորին Սրբազնութեան, այս խնդիրը ի զօրու է բոլոր երիտասարդական կառոյցներու պարագային, ներառեալ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի կողմէ ստեղծուած «Երիտ» խումբը։ Աւելի՛ն, այդ բոլորին միջեւ համագործակցութեան ոգին ալ տկարացած է, բոլորը կ՚աշխատին ինքնագլուխ եւ իրերամերժ ձեւով։
Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկացուց, թէ մօտաւոր ապագային Պատրիարքարանի մէջ ժողովի պիտի հրաւիրուին մեր համայնքի երիտասարդական բոլոր կառոյցներուն ներկայացուցիչները։ Ընդհանուր Փոխանորդը մտադիր է նոր թափ մը տալ համապատասխան որոնումներուն, որովհետեւ երիտասարդութեան պահպանումը կը դասուի սրբազան պարտականութիւններու շարքին։ Ան համոզուած է, թէ մեր ոչխարները կը մնան գայլերու ձեռքը ու կը հեռանան համայնքէն։ Հետեւաբար, փորձառու մարդիկ եւ երիտասարդներ ձեռք ձեռքի տալով պէտք է ելք մը ապահովեն առկայ փակուղիէն։ Այս մտադրութիւններով Պատրիարքական Աթոռը կը պատրաստուի կազմակերպել վերոյիշեալ ժողովը՝ ակնկալելով նոր շարժում մը։
Պատրիարքական Աթոռի այս նախաձեռնութեան շուրջ խօսք առաւ նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը։ Այս առթիւ ան յայտնեց, թէ VADİP-ն ալ ունի մեր համալսարանական երիտասարդներուն ուղղեալ ծրագիր մը, կը նախատեսէ աշխատաժողովի մը ձեւաչափին մէջ բիւրեղացնել նոր սերունդի կարիքները։ Հետեւաբար Յարութիւն Շանլը մատնանշեց, թէ նպատակայարմար կրնայ ըլլալ այդ ծրագիրներուն միացումը։