ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային վարիչներու ներկայութեամբ ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց ազգապատկան կարգ մը կարեւոր կալուածներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։ Այս շրջագծով ան օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի ընդարձակ տարածքը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ միջոց մը առաջ բարւոք կարգադրութիւն մը կատարուած էր երբեմնի բանջարանոցի խորհրդանշական այդ կալուածի սեփականութեան իրաւունքի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին վերադարձուելով։ Պատմական սխալի մը, անարդարութեան մը սրբագրումը եղած էր այդ կարգադրութիւնը, որ ամբողջ համայնքին կողմէ ընկալուած էր աննախընթաց գոհունակութեամբ։ Յաջորդող շրջանին դժբախտաբար այդ ուրախութիւնը մնացած էր շուքի տակ, որովհետեւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը դատական իշխանութիւններուն դիմելով վերաձեռքբերած էր այդ տարածքին սեփականութեան իրաւունքը։ Ներկայիս այնտեղ կը գտնուի մարզադաշտ մը՝ յարակից համալիրով։
Ընդհանուր Փոխանորդը երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին խնդրեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու առիթէն օգտուելով տայ հակիրճ լուսաբանութիւն մը։ Այս կապակցութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, թէ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութեան հետ առկայ են դժուարութիւններ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը Ազգային հիւանդանոցին վերադարձուցած էր այդ տարածքին սեփականութեան իրաւունքը։ Քաղաքապետարանը դատ մը բանալով ապահովեց իր տեսանկիւնէն նպաստաւոր վճիռ մը։ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, թէ այդ դատին ընթացքին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հանդէս եկաւ շատ ազդու պաշտպանութիւնով մը։ Ներկայիս Վճռաբեկ ատեանին մօտ կը գտնուի թղթածրարը։ Շիրինօղլու մատնանշեց, թէ պիտի փորձէ յառաջիկայ շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ ալ ժամադրուելով խնդրին մանրամասութիւնները փոխանցել իր նկատառման։ Ատենապետին համոզումը այն է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այդ տարածքը վերջնականօրէն կորսնցնելու վտանգ մը չունի ըստ երեւոյթին, սակայն ներկայիս կ՚ապրուին բարդութիւններ եւ իր մաղթանքն է, որ այդ հարցերը, դժուարութիւնները ըլլան ժամանակաւոր։
Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, թէ մեր բոլոր համայնքային հաստատութիւնները իրենց կալուածներուն համար յառաջ կը տանին լուրջ աշխատանք եւ անտարակոյս բարձր գնահատանքի արժանի է անոնց այս պայքարը։