ՊԷՅՔՈԶԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հոր­դը ո­րո­շած է Պատ­րիար­քա­րա­նին յանձ­նել եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի մա­կե­րե­սի գոր­ծա­ծու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ Պատ­րիար­քա­րա­նին մի­ջեւ այս մա­սին կնքուած է պայ­մա­նա­գիր մը, ո­րու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­ւո­րուած են կող­մե­րու փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։ Ըստ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, կող­մե­րու մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած գոր­ծար­քը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Յո­վա­կիմ 1461» նո­րաս­տեղծ հիմ­նար­կին մի­ջո­ցաւ։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այդ հիմ­նար­կին փո­խան­ցած է գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի օգ­տա­գործ­ման ի­րա­ւուն­քը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ վաթ­սուն տա­րիէ ի վեր ո­րե­ւէ թա­ղում չէ կա­տա­րուած այդ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Գոր­ծըն­թա­ցը հա­սուն­ցած է՝ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Տքթ. Ատ­նան Էր­թէ­մի գի­տակ­ցու­թեամբ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի կար­գա­վի­ճա­կը փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լու հա­մար աշ­խա­տանք պի­տի կա­տա­րուի եւ այդ մէ­կը պի­տի վե­րաար­ձա­նագ­րուի որ­պէս հա­սու­թա­բեր տա­րածք։ Զու­գա­հե­ռա­բար՝ այն­տեղ կեան­քի  պի­տի կո­չուի շի­նա­րա­րա­կան ծրա­գիր մը, ո­րու հա­սոյ­թէն պի­տի սկսի օգ­տուիլ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը։

Հարկ է նշել, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Պէյ­քո­զի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը նման հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հա­սած էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան հետ։ Այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Պէյ­քո­զի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կո­մէ յետս­կո­չուած էր՝ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ստեղ­ծե­լով ո­րոշ ա­լե­կո­ծում մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016