ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Զանազան ձեռնարկներով եւ հանդէսներով դպրոցի բոլոր դասարաններու սաները հաղորդ դարձան տօնական շրջանի ուրախութեան։ Ուսուցչական կազմն ալ միացաւ թէ՛ տղոց եւ թէ անոնց ծնողներու հրճուանքին։ Տղաքը բոլորով հաւկիթներ ներկեցին, մարզական կամ գեղարուեստական ծրագիրներ գործադրեցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Հուսկ, բոլորը Ս. Զատկի ընդառաջ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024