ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տօնական օր մը ապորւեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսին առթիւ։ Կրթական շրջանի փակման ներկայ հանգրուանին դպրոցին մէջ տեղի կ՚ունենան զանազան հանդէսներ, որոնց շարքին երէկուանը ունէր առանձնայատուկ նշանակութիւն, քանի որ կը համախմբէր փոքրիկները։
Կրթական մշակներու, ծնողներու եւ հիւրերու մասնակցութեամբ, «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու ընթացքին փոքրիկները հանդէս եկան երգերով, պարերով, արտասանութիւններով ու թատերակներով։ Անոնք ներկաներու ծափահարութիւններուն արժանացան իրենց յաջողութեամբ։
Յայտագիրը եզրափակուեցաւ տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզի շնորհաւորութեան խօսքով եւ վիճակացոյցներու բաշխումով։
Աւելի վերջ հանդիսաւորապէս հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը։