ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ վեր­ջին օ­րե­րուն ապ­րուե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Դպրո­ցի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ այս առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Հան­դէ­սին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը սի­րով ող­ջու­նե­ցին դպրո­ցի ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն մէկ տա­րուան աշ­խա­տան­քի փայ­լուն ար­դիւն­քը։ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տանիքին տե­սա­կէ­տէ հան­դի­սու­թիւ­նը ու­նէր նաեւ զգա­ցա­կան բարձր նշա­նա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի յար­կէն ներս ա­ռա­ջին ան­գամ ըն­թերց­ման տօն մը տե­ղի կ՚ու­նե­նար։ Որ­պէս օ­րուան խորհր­դան­շան ընտ­րուած էր «Ծիա­ծան»ը, ո­րով ծպտուած էին փոք­րիկ­նե­րը։

Ըն­թերց­ման տօ­նին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք տա­րած էին ու­սուց­չու­հի­ներ Նա­թա­լի Քում­րու-Թիւ­ֆեք­ճի, Ա­րեւ Սը­րա­տաղ-Ա­ւա­նուս եւ Տե­մէթ Զեն­կին։ Յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ներ­կա­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ժա­նա­ցան ի­րենց թա­տե­րակ­նե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով ու խմբերգ­նե­րով։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին գնա­հա­տեց փոք­րիկ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած ար­դիւն­քը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնք կրթա­կան կեան­քի շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար հա­տուե­ցաւ նաեւ կար­կան­դակ մը։ Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան ներ­կա­նե­րը ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուին փոք­րիկ­նե­րուն նկատ­մամբ, իսկ ծնող­նե­րը՝ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ տնօ­րէ­նու­թեան նկատ­մամբ։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016