ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան կղզեբնակ հաւատացեալներ։ Արարողութեան աւարտին, ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կղզեաց թաղային խորհուրդը սեղանով մը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու համար կարկանդակ մըն ալ պատրաստուած էր՝ անուան տօնին առթիւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021