ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎՐԹԱՆԷՍ ՍԱԱԹՃԸԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԲԵՐՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔՍ

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Վրթա­նէս Սաաթ­ճըի մար­մի­նը այս ա­ռա­ւօտ Ի­տա­լիա­յէն բե­րուե­ցաւ Իս­թան­պուլ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, նախ­կին պոլ­սա­հայ Վրթա­նէս Սաաթ­ճը ե­ղած էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի, Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի բա­րե­րա­րը։ Ըստ իր կտա­կին, ան պի­տի թա­ղուի քա­ղա­քիս մէջ՝ իր լու­սա­հո­գի մօր եւ քրոջ հետ նոյն դամ­բա­րա­նին մէջ։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին կող­մէ։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա կը հա­մա­կար­գէ այս գոր­ծըն­թա­ցը՝ որ­պէս­զի հան­գու­ցեալ Վրթա­նէս Սաաթ­ճըի նկատ­մամբ վեր­ջին յար­գան­քի ա­ռու­մով չըլ­լայ ո­րե­ւէ թե­րա­ցում եւ ան յու­ղար­կա­ւո­րուի ըստ իր կտա­կին։

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Վրթա­նէս Սաաթ­ճըի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս Շա­բաթ։ Ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի հրա­պա­րա­կուին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016