ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԴԱՄԲԱՐԱՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս ար­դէն ա­ւար­տին հա­սած է ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն շիր­մին վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը։ Յու­շար­ձա­նի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ վե­րա­նո­րո­գուած է շի­րի­մը, Փա­րի­զէն՝ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բար­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ եւ «Հայ­ճար»ի նպաս­տով։

Այս յու­շար­ձան-շիր­մի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Եր­կու տա­րուան աշ­խա­տան­քով մը կեան­քի կո­չուած է ծրա­գի­րը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016