ՄԱՀ՝ ԱՐԵԳ ԷՐՔՄԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Արեգ Էրքման, որու անժամանակ կորուստը սուգի մատնած է թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ընկերային շրջանակը։

Արեգ Էրքման ծնած էր 1947-ին Պոլսոյ մէջ։ Նախակրթարանի տարիներուն յաճախած էր Մխիթարեան եւ լիսէի տարիներուն՝ Կեդրոնական։ Ուսումը աւարտելէ վերջ առեւտրական եղած էր Փերշեմպէփազարըի մէջ։ Ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն զուգահեռ միշտ մասնակից եղած էր մեր համայնքային կեանքին։ Եղած էր լուռ բարերար մը։ Ան կը պատկանէր իսկապէս ազնուական աւանդական ընտանիքի մը։ Որդին էր հոգելոյս Տքթ. Թագւոր Էրքմանի։ Ամուսնացած էր Արփի Էրքմանի հետ, ունէր երկու որդի։ Ան եղբայրն էր բազմավաստակ կրթական մշակ Անի Երամեանի։

Արեգ Էրքման վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Բժիշկներուն կողմէ ի գործ դրուած մասնագիտական ջանքերը, իր ընտանիքի խնամքը դըժ-բախտաբար ապարդիւն մնացին եւ ան բաւական ծանր դարմանումի շրջանէ մը վերջ աչքերը փակեց կեանքին։

Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը՝ նորոգ հանգուցեալ Արեգ Էրքմանի բարի յիշատակին առջեւ։ Ցաւակցութիւն կը յայտնենք այրիին՝ Արփի Էրքմանին, բոլոր հարազատներուն, նաեւ քրոջ՝ Անի Երամեանին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018