ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՆՈՐ ԶԱՆԳԱԿ

Այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի այս փուլը Սամաթիոյ մէջ կը նշուի արտակարգ խանդավառութեամբ։ Իսկ այս տարի Սամաթիոյ անուան տօնախմբութիւնը կը բնորոշուի յատկանշական այլ իրադարձութիւնով մը։

Պատմական թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ զանգակը երկար ժամանակէ ի վեր ունէր ճեղք մը ու վերջերս զանգակի մէկ մասը կոտրած ըլլալով՝ ընդհանրապէս դարձած էր անգործածելի։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան թաղային խորհուրդին խոստացած էր ի գործ դնել իր կարելին՝ որպէսզի նոր զանգակ մը ապահովուի Սամաթիոյ եկեղեցւոյ համար։ Նորին սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ կապ հաստատեց Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի հետ։ Հաշուի առնելով, որ մօտաւոր անցեալին Մոսկուայի մէջ առաջնորդանիստ նոր Մայր տաճարը կառուցուած էր եւ այդ ժամանակ զանգակի մը արտադրութիւնը բնականաբար կատարուած էր՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մտածած էր, որ Մոսկուայի առաջնորդարանը կրնայ համապատասխան օժանդակութիւն ցուցաբերել։ Ընդհանուր փոխանորդի խնդրանքին ընդառաջ՝ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան ոչ միայն ապահոված է նոր զանգակի մը արտադ-րըւիլը, այլեւ հոգալով այդ արտադրութեան ծախսերը՝ եղած է նաեւ այդ ծրագրին բարերարը։

Ուրեմն, երէկ, նոր արտադրուած այդ զանգակը հասաւ Սամաթիա եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հսկողութեամբ տեղադրուեցաւ զանգակատուն։ Ներկայ էին թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները։ Զանգը ունի նախկինին չափերը՝ 85 սանդիմեթր բարձրութիւն եւ 85 սանդիմեթր տրամագիծ։ 375 քիլօկրամ կը կշռէ այս զանգակը, որու շուրջբոլորը արձանագրուած է հետեւեալը. «Յիշատակ է կոչնակս յԵզրաս Արք. Ներսիսեանէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ առաջին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ, ի թուին 2018»։

Նախկին պատմական զանգակը պիտի տեղադրուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առ ի ցուցադրութիւն եւ ի յիշատակ անցեալի փառաւոր օրերուն։

Այս շաբաթավերջի արարողութիւններուն ժամանակ Սամաթիոյ մէջ պիտի լսուի սոյն զանգակի անդրանիկ ղօղանջը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018