ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նարեկացի» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրոցներու ծնողաց միութեանց անդամուհիներուն հաւաքը։ Սա 2016-2017 շրջանի առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով։ Թագուհի Կիւլի կողմէ գլխաւորուած տիկինները համախմբուեցան ճաշասեղաններու շուրջ՝ նոր աշխատանքային շրջանի մը ընդառաջ զիրար վերագտնելու ուրախութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Թագուհի Կիւլ, որ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեւցոյ թաղային խորհուրդին ու Պէշիկթաշի ընտանիքի սիւներէն Եսթեր Վարժապետեանին, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին «Նարեկացի» սրահը։
Հաւաքոյթի տեւողութեան պատրաստուեցաւ ժամանակացոյցի նախագիծ մը՝ համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերուն եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններուն կողմէ նախատեսուած քէրմէսներուն եւ ճաշկերոյթներուն համար։