ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՊԱԼԵԱՆԱԿԵՐՏ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ նոյեմբեր ամիսը յատկացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի կառոյցներու ծանօթացման:

Վարժարանին մէջ բոլոր դասարանները իրենց մակարդակին համեմատ կատարեցին Պալեաններու վերաբերեալ աշխատութիւններ ու տեղեակ դարձան անոնց Օսմանեան կայսրութեան օրով կառուցած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն։ Անոնք ճոխացուցած էին երկիրը՝ պալատներով, ապարանքներով, զօրանոցներով, վարժարաններով, եկեղեցիներով, մզկիթներով, աշտարակներով եւ այլն…

Նոյեմբեր ամսուան վերջին շաբթուան ծրագիրը շրջապտոյտ մըն էր: Այս առթիւ հինգերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի սաները՝ գլխաւորութեամբ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի ու իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Նաժտա Տեմիրճիօղլուի եւ Թամար Մանկասարի, այցելեցին շուրջ քսան պալեանակերտ կառոյց։ Մինչ այդ, հինգ կառոյցի մէջն ալ շրջելով՝ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան: Շրջապտոյտի աւարտին ալ այցելութիւն մը տուին Պաղլարպաշըի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Պալեաններու յուշադամբանը։ Անոնք երախտագիտական զգացումներով ծաղկեփունջ մըն ալ թողուցին մեծանուն ընտանիքի դամբարանին։

Այս օգտաշատ պտոյտէն տղաքը գոհունակ վարժարան վերադարձան հարստացած գիտելիքներով։

Միւս կողմէ, նոյն ծրագիրը պիտի կրկնուի նաեւ վարժարանի մնացեալ դասարաններու աշակերտութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018