«ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՄԱՆՈՐԸ
Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուեցաւ Ամանորի հաւաքոյթ մը։ Յիշեալ միութեան Պէյօղլուի հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր զարթօնք»ի Կաղանդի այս ձեռնարկը, որու մասնակիցներուն բաժնուեցաւ աւանդական անուշապուրը։ Միութեան հաւաքատեղիի տարածքը իսկապէս անբաւարար էր հիւրերուն համար, սակայն բոլորը համախմբուած էին անկեղծ տրամադրութիւններով՝ փոխանակելու համար ամանորեան բարեմաղթանքներ։
Ատենապետ Մարսէլ Պալչըք եւ վարչայիններէն Գարին Թուրաչ հանդէս եկան ելոյթներով, որոնց ընթացքին ամփոփեցին նաեւ անցեալ տարուան գործունէութիւնները։ Աւելի վերջ Նոր տարուան առթիւ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց նաեւ վարչայիններէն Սայաթ Թեքիր։
Բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ միութեան երդիքին տակ ըստ սովորութեան կոտրուեցաւ նաեւ աւանդական նուռը եւ յետմիջօրէի ողջ տեւողութեան հաւաքոյթին մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։