ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տա­րուան հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռի­թա Նուր­նուր եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ այլ հիւ­րեր մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­ւա­քոյ­թին։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Աս­լին Տիշ­ճիի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով։ Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ եւ Գա­րե­գին Պար­սա­մեան։

Յա­ջորդող ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին բո­լո­րը փո­խա­նա­կե­ցին բա­րե­մաղ­թանք­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016