ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները Ամանորի առթիւ այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ տղաքը գիրկընդխառնուին տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեն իրարու հետ։ Ներկայ էին Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէն Մուրատ Մարաշ եւ ուսուցչուհիներ։ «Հրանդ Տինք» դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ ուսուցիչները ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրընկալեցին Թարգմանչաց վարժարանի խումբը։

Երկու վարժարաններու աշակերտները Ամանորի շրջանին յարիր տօնական ելոյթներ ունեցան եւ զիրար շնորհաւորելով հրաժեշտ առին քաղցր յիշատակներով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022