ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԿԱՐԳ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ոտնլուայի արարողութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ խորանին վրայ հանդիսաւորապէս լուաց մանուկներու եւ պատանիներու ոտքերը, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024