ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Գարակէօզեան Տան 2020-2021 ուսումնական շրջանի հունձքը երէկ խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ անցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, որ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած էր՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան խնամակալութեան անդամներ, տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, կրթական մշակներ, պաշտօնէութենէն դէմքեր, ծնողներ եւ հիւրեր։

Շրջանաւարտներու դիմաւորումով սկսաւ հանդէսը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Միրա Օքի եւ Տենիզ Էօզտողանի։ Տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ եւ ընթացաւարտ դասարանի ուսուցչուհի Սիլվա Տաղճը Տուման հանդէս եկան շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով։ Իսկ ընթացաւարտ դասարանին անունով արտայայտուեցան Թալիա Թուր, Վալերի Երազ Քարամըզրաք, Մեթէ Թարտու Պալ, Լիլիան Աւիթօղլու եւ Սերա Ասմին Թանճան։ Շրջանաւարտներուն յանձնուեցան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Այս տարուան յաջողագոյններն էին՝ Լարիսա Կոկանեան, Սերա Ասմին Թանճան եւ Լոռի Սիւզմէ։

Նկարահանումէ վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Գարակէօզեանէ ներս երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ անցեալ տարուայ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը, որ ակամայ յետաձգուած էր համաճարակի հետեւանքով։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021