ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գնա­լը կղզիի մէջ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ի պա­տիւ մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի ե­րէց ու նուի­րեալ գոր­ծիչ­նե­րէն Ղա­զա­րոս Ու­նա­նի։ Հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ եւ Ղա­զա­րոս Ու­նան սի­րով շրջա­պա­տուե­ցաւ իր ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ։ Թէեւ ան մար­զա­կան կեան­քէ ներս եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւն մը կը մա­տու­ցա­նէ, սա­կայն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կերպուած հա­ւա­քոյ­թին նպա­տակն էր՝ ար­ժե­ւո­րել Ղա­զա­րոս Ու­նա­նի վաս­տա­կը Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն շրջագ­ծով։ Ար­դա­րեւ, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Ղա­զա­րոս Ու­նան գլխա­ւո­րած է Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը, նաեւ ան­դա­մակ­ցած՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին։ Տա­րի­ներ շա­րու­նակ իր ցու­ցա­բե­րած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին որ­պէս ար­դիւնք ան ար­ժա­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բարձր գնա­հա­տան­քին։ Ղա­զա­րոս Ու­նան այս ամ­սուան սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն զու­գա­հեռ ա­ւար­տած է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին մօտ։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ ի­րեն շնոր­հած է շնոր­հա­կա­լա­գիր մը, ինչ­պէս նաեւ յու­շա­մե­տայլ մը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան այս պար­գեւ­նե­րը հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ յանձ­նուե­ցան Ղա­զա­րոս Ու­նա­նին։

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը այս առ­թիւ ան­մի­ջա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պած էր Ղա­զա­րոս Ու­նա­նը մե­ծա­րե­լու հա­մար։ Բա­ցի Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն ներ­կայ գտնուե­ցան Շիշ­լի եւ Թաք­սիմ մար­զա­կումբ­նե­րու վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ­նե­րը՝ Ա­լէն Թէք­պը­չաք եւ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան, մեր մար­զա­կան շրջա­նակ­նե­րէն յայտ­նի դէմ­քեր եւ սահ­մա­նա­փակ թի­ւով հիւ­րեր։ Տիգ­րան Ալ­թուն, որ եւս վեր­ջին շրջա­նին կ՚ան­դա­մակ­ցէր Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին, ըն­թեր­ցեց Սերժ Սարգ­սեա­նի շնոր­հա­կա­լա­գի­րը եւ զայն յանձ­նեց Ղա­զա­րոս Ու­նա­նին։ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Հայ­կա­րամ Գա­րա­սուի ներ­կա­յու­թեամբ ան մե­ծա­րեա­լի վի­զէն ան­ցուց նաեւ յու­շա­մե­տայ­լը։ Ներ­կա­նե­րը բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Ղա­զա­րոս Ու­նա­նի տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան այս պա­հը։

Շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հայ­կա­րամ Գա­րա­սու եւ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան։ Իր կար­գին Ղա­զա­րոս Ու­նանն ալ ար­տա­սա­նեց սրտի խօս­քը։ Ան այս առ­թիւ խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ բիւր յար­գան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մա­սին, որ բա­րի ե­ղած էր բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նաց­նե­լու իր վաս­տա­կը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի իր գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնց հետ ծա­ւա­լած էր ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տանք մը։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­գամ մը եւս ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը յղե­ցին Ղա­զա­րոս Ու­նա­նին ու մաղ­թե­ցին, որ ան տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի սպաս դնէ մեր մար­զա­կան կեան­քէն ներս։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին յայ­տարարուե­ցաւ, թէ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին մօտ Ղա­զա­րոս Ու­նա­նը պի­տի փո­խա­րի­նէ Ա­լէն Թէք­պը­չա­ք։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015