ԿԱԶ­ԴՈՒՐ­ՄԱՆ ԿԱ­ՅԱ­ՆԻ ՄԷՋ Ե­ՂԱ­ՆԱ­ԿԻ ՓԱ­ԿՈՒՄ

Կազդուրման կայանի ամրան շրջանը իր աւարտին հասաւ այս շաբաթավերջին։ Աշակերտները եղանակի փակումը տօնեցին մասնսկցութեամբ Գընալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ կայան այցելեց մասնակցելու համար ամավերջի հանդիսութեանց։ Սաները այս առթիւ մօտաւորապէս ժամ մը զուարճացան՝ կայանին նուիրուած նոր խաղալիկներով։ Տնօրէնուհի Լիազ Չոլաքօղլու տեղեկութիւններ տուաւ նոր խաղալիկներուն մասին։ Անոնք, նուիրուած էին անցեալ տարի ի Տէր ննջած Վարսէն Օրունճաքըէլի մահուան առաջին տարելիլիցին առթիւ։

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։ Ներկայ էր նաեւ կայանի Խնամակատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան։ Այս առթիւ մանուկներ հանդէս եկան անգլրէն թատրերգութիւնով, երաժշտական նմոյշներով եւ տարազներու տողանցքով։ Ձեռնարկի կազմակերպման իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմէճեան, Սիրուն Սիրունեան, Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Արամ Կոստանեան եւ Նայիրա Փէմպէեան։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները միասնաբար ընթրելու համար համախմբուեցան կայանի սեղանատան մէջ։ Ճաշէ վերջ տղաքը զուարճացան ու պարեցին խաղավայրի մէջ՝ նուագներու ընկերակցութեամբ։ Անոնք համտեսեցին նաեւ տարեվերջի առթիւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017