ԱՐԴԱՐ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին այցելեց Քոմոթինի, Յունաստան, ուր արժանացաւ արդար ծափահարութիւններու։ Երգչախումբի ուղեւորութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ «Արմենիա» փառատօնի շրջանակին մէջ։ Խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ Վարդանանց երգչախումբը բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ գրաւելով բոլոր ունկնդիրներուն սիրտը։ Յայտագրի տեւողութեան դաշնամուրով նուագակցեցաւ Լիւսի Գահվէճիօղլու։

Վարդանանց երգչախումբի երկու ելոյթները այս փառատօնի իսկապէս խանդավառ պահերու շարքին դասուեցան՝ քանի ան թէ՛ իր մակարդակով բարձր գնահատանքի արժանացաւ, նաեւ իր փորձառութեամբ յաջողեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ապահովել համերգասրահին մէջ։

Փառատօնի եզրափակիչ փուլին մասնակից բոլոր խումբերը միասնաբար հանդէս եկան բեմին վրայ եւ այդ վառ պահու տրամադրութեամբ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած արուեստագէտները ըմբոշխնեցին հայ մշակոյթին ժառանգակիրը ըլլալու եւ անոր ծառայելու արդար հպարտութիւնը։

Քոմոթինիի ծրագրի աւարտին Վարդանանց երգչախումբը արդէն վերադարձած է քաղաքս։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022