ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Վերջին օրերուն իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգուցեալին յուզումնախառն հրաժեշտը։

Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ վշտակցեցաւ հանգուցեալի հարազատներուն։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Դասին մէջ սգակիր էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան եւ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։

Յուղարկաւորութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի մարմինը փոխադրուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022