ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան Գնալըի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ երգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Կղզիի բարձունքին խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը՝ նկատի ունենալով արուեստագէտին վայելած համակրանքը։
Երեկոյթին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ գործակից ընկերները եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Պարթեւ Կարեան հերթական անգամ յաջողեցաւ բոլորին սիրտը գրաւել եւ իր կատարումներով անմոռանալի ապրումներ պարգեւել ունկնդիրներուն։ Սա այս տարի կղզիի բարձունքին կազմակերպուած ամենաոգեւոր երեկոյթներէն մին էր, որ իր աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի շնորհաւորութեան խօսքով։
Հարկ է նշել, որ համերգը ձօնուած էր երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։