ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ շաբթուան հերթական Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Իչլինալչայի առաջնորդութեամբ։ Ներկայ էին Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան, Օննիկ Սրկ. Պոյաճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, ինչպէս նաեւ դպիրներ՝ Յակոբ Սուրէնեան, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Եփրեմ Միհրանեան, Անդրանիկ Տուփինեան, Հաճը Եըլմազ, Մարտիրոս Մարտիկեան, Հերման Պաքըրէլ, Շահին Քալայ, Կարպիս Տէրտէրեան եւ այլք։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան եւ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ խաչահանգիստ։
Հաւատացեալները գոհունակութեամբ ականատես եղան, թէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թաղային խորհուրդին կողմէ ձեռնարկուած շարք մը բարեկարգման աշխատանքները արդէն աւարտած են։
Յաւարտ արարողութեան յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։