ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՔՐԻՍՏԻՆ ԾԱՌՈՒԿ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Քրիս­տին Ծա­ռուկ վեր­ջերս շատ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած է՝ կօ­շիկ­նե­րու գծագր­ման մրցոյ­թի մը մէջ։

Իս­թան­պու­լի Կա­շիի եւ կա­շե­ղէն­նե­րու ար­տա­ծող­նե­րու միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած եւ Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ խրա­խու­սուած 2016 թուա­կա­նի Իս­թան­պու­լի մի­ջազ­գա­յին կօ­շիկ­նե­րու ծրագ­րա­ւոր­ման երկ­րորդ մրցոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցաւ 1800 նա­խա­գիծ։ Քրիս­տին Ծա­ռու­կի նա­խա­գի­ծը ա­ռա­ջին քսա­նեա­կին մաս կազ­մեց՝ լի­սէ­նե­րու, միջ­նա­կար­գե­րու եւ նա­խակր­թա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ։ Նա­խըն­թաց օր «Քոն­րատ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւար­տա­կան ե­րե­կոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան տե­ղա­ցի եւ օ­տար բազ­մա­թիւ նո­րա­ձե­ւու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։ Ար­դիւն­քին, դա­տա­կազ­մը Քրիս­տին Ծա­ռու­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նի նկա­տեց իր դա­սա­ւոր­ման մէջ։

Քրիս­տին Ծա­ռուկ, որ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նին կ՚ա­շա­կեր­տի, մրցա­նա­կը ստա­ցաւ ձե­ռամբ՝ Ստեղ­ծա­գործ ե­րա­խա­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Տի­տէմ Չա­փա­յի եւ Իս­թան­պու­լի Կա­շիի եւ կա­շե­ղէն­նե­րու ար­տա­ծող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Շէ­նօ­ճա­քի։ Քրիս­տին Ծա­ռուկ այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ ծո­վը շատ կը սի­րէ եւ այս պատ­ճա­ռով իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ օգ­տուած է ան­կէ։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր ծնող­նե­րուն եւ ու­սուց­չին՝ Սեր­քան Շա­հի­նին, ո­րոնք միշտ կը խրա­խու­սեն զին­քը։

Այս առ­թիւ մենք եւս կը շնոր­հա­ւո­րենք Քրսի­տին Ծա­ռու­կը, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016