ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի եւ ուսուցչուհիներու ուղեկցութեամբ տղաքը հետաքրքրական շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրին մէջ։ Հիւանդանոցի պատասխանատուներն ալ ուղեկցեցան Մայր վարժարանի սաներուն։ Մատուռէն եւ բազմաբուժարաններէն սկսեալ, մինչեւ ծերանոցն ու «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը՝ տղաքը տարրական պատկերացում մը կազմեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մասին։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ աշակերտներու խումբը նկարահանուեցաւ նաեւ  Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հաստատութեան այլ պատասխանատուներու հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018