ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած այս այցելութեան մասնակցեցան աշակերտներէն Վանեսա Տեմիրճի, Շանթ Գազանճը, Նունէ Սարըկանեան, Թալին Էօրս, Տիանա Քիլճի, Մելիսա Նարօտ Էրոլ, Արիաննա Ավճը եւ Նարեկ Թովմասեան։ Աշակերտներուն ուղեկցեցան տնօրէն Արաս Տելիճէ, դասարանի ուսուցչուհի Դալար Քէօսէօղլու եւ նկարչութեան ուսուցչուհի Սուզան Ըշըք։

Հրանդ Տինք դպրոցէն ներս խումբը հիւրընկալուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018