ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿԱՂԱՆԴԸ

Գալֆաեան Տան ընտանիքը Նոր տարւոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ուրախութիւն։ Վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան դպրոցին մէջ։ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական ճաշկերոյթ մը, որու պատրաստութիւնները տեսնուած էին տիկնանց կազմին կողմէ։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, երէցկին Սիլվա Տամատեան, բարերարներ, կրթական մշակներ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Երաժշտական յայտագրով ներկաները ապրեցան խանդավառութիւն։

Աշակերտներու Կաղանդի հանդէսն ալ տեղի ունեցաւ նոյն հաւաքատեղիին մէջ։ Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհաւորութիւններ յղեց Նոր տարուոյ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Տղաքն ալ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Մասնաւորապէս աշակերտներու խմբերգները խանդավառեցին մթնոլորտը։

Երէկ ալ, յետմիջօրէին այս անգամ դպրոցի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Աշակերտութիւնն ու կրթական մշակները ունեցան հաճելի ժամանց եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018