ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐ
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի անդամները՝ խնամակալներէն սկսեալ մինչեւ աշակերտներու ծնողները, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, կրթական մշակները, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին Նոր տարին։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց եւ համտեսեցին Ամանորի շրջանի բնորոշ ուտեստներ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի խումբ մը աշակերտները շուրջպար բռնեցին, ինչ որ խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։ Այս մթնոլորտին մէջ Գարակէօզեանի պարտէզը այցելեց նաեւ Կաղանդ պապուկը։
Խրախճանքի մասնակիցները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։