ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ նախընթաց օր համախմբուեցաւ խրախճանքով մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են Ֆէրիգիւղի ընտանիքի Կաղանդի խրախճանքները։ Աւանդութիւնը այս տարի եւս ունեցաւ իր շարունակութիւնը։ Նախընթաց երեկոյեան դպրոցի պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը տօնական բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբուեցաւ՝ թաղային խորհուրդի անդամներէն սկսեալ մինչեւ դպրոցի աշակերտներու ծնողները։ Նուագներու մթնոլորտին մէջ բոլորը ընթրեցին եւ բաժակ բարձրացուցին իրարու կենացը։ Մեներգչուհի Մարալ Չաղլըչուպուքճու ծափահարութիւններու արժանացաւ իր կատարումներով։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի խումբ մը սաները խանդավառութիւնը բազմապատկեցին իրենց շուրջպարով։

Խրախճանքի բոլոր մասնակիցները ողջունեցին նաեւ Կաղանդ պապուկը եւ արձակուելէ առաջ անկեղծ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Նոր տարւոյ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018