Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր Մեծ պա­հոց շրջա­նի ա­ռա­ջին Ա­րե­ւա­գա­լին հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Յա­րու­թիւն Սրկ. Սար­գի­սեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Օ­րուան եր­գե­ցիկ­նե­րու շար­քին էին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, ու­րա­րա­կիր Ար­թա­քի Չոք­շէն, Յա­րու­թիւն Սա­հա­կեան, Գէորգ Թիւյ­սիւ­զեան, Եփ­րեմ Միհ­րա­նեան, Անդ­րա­նիկ Տու­փի­նեան, Մար­տի­րոս Մար­տի­կեան, Յա­կոբ Ղա­զէ­րօղ­լու, Գա­րե­գին Ա­ւե­տի­քօղ­լու, Լութ­ֆիկ Փ­­նար­պա­շը, Հա­ճի Եըլ­մազ եւ Շա­հին Քա­լայ։

Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցու­ցած էին Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ սրբա­վայ­րը։ 

Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ջրօրհ­նէք։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան սրբա­զան հայ­րը, տէր հայ­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։ Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։ Սի­րոյ սե­ղա­նի ա­ւար­տին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ու­նե­ցաւ հա­կիրճ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին բարձր գնա­հա­տեց Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ջան­քե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017