ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապի յիշատակին տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց հանդիսապեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի աԱտենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկէլեան։ Ներկայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները համախմբուեցան պահքի սեղաններուն շուրջ։ Այս հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ տրուած հոգեճաշի մը բնոյթը ունէր։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024