ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի սաները դեր ստանձնած էին հանդէսի յայտագրին մէջ։ Դպրոցի կրթական մշակներէն Յարութիւն Գէորգեան, Տօնարա Պեպուրեան, Նարինէ Սողոմոնեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան համատեղ ջանքերով վերահսկած էին պատրաստութիւնները։

Խրախճանքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ Ս. Յարութեան տաղաւարի խորհուրդին շուրջ բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն։ Տղաքը թատերակի մը ձեւաչափով ներկայացուցին Տէր Յիսուսի յարութիւնը։ Բաց աստի, անոնք հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով, պարերով ու զանազան խաղերով։

Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանն ալ յայտագրի գործադրութեան աւարտին հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Խրախճանքի մասնակիցները աւելի վերջ համա-խըմբուեցան աշակերտներու մայրերուն կողմէ պատրաստուած տօնական սեղանին շուրջ։ Այս փուլին փոքրիկներուն Ս. Զատկի առթիւ նուէրներ յանձնեց Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը, որ կամաւոր հոգաբարձուն է այս կրթօճախին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018