ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Շաբաթավերջին, Տիրոջ Ս. Պայծառակերպութեան տաղաւարի օրը, պիտի կատարուի այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Թաղականները խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան աւանդական արարողութիւններուն։ Զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան եւ այս թաղի զանազան իրադարձութիւններուն մասին։ Ընդհանուր փոխանորդը հանդիպման աւարտին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց թաղականներուն՝ յղելով յաջողութեան բարեմաղթանքներ։

ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Նոյնպէս երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը պուլկարահայ ուխտաւորներ։ Փլովտիւ քաղաքէն եկած այս խումբը գլխաւորած էր տեղւոյն ազգայիններէն Նուարդ Աբգարեան։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց 24 հոգիէ բաղկացեալ խումբի անդամներուն հետ։ Պուլկարահայ ուխտաւորները ուրախութիւն յայտնեցին մեր համայնքի հոգեւոր կեդրոնի մթնոլորտը շնչելու հնարաւորութեան բերումով։ Անոնք տեղեկութիւններ քաղեցին Պատրիարքական Աթոռի եւ մեր համայնքի պատմութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը մանրամասն պատասխաններ տուաւ անոնց հարցումներուն։

Զրոյցի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց ուխտաւորներու այցելութեան համար եւ անոնց միջոցաւ պուլկարահայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու սէրը։

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ

Բաց աստի, երէկ Պատրիարքարան այցելեցին նաեւ Գերման Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը հոգեւորականներ, որոնք հիւրընկալուեցան ընդհանուր փոխանորդին կողմէ։ Վերապատուելի Ռաֆայէլ Նիքոտեմուսի կողմէ գլխաւորուած հոգեւորականներու խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ Իսթանպուլի նախորդ շրջանի պատուելի Ուրսուլա Օկուստ։ Հիւր հոգեւորականները նորին սրբազնութենէն տեղեկութիւններ քաղեցին Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքի մասին։ Հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան ընդհանուր փոխանորդին հարցումներ ուղղելու եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ։

Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց գերմանացի հոգեւորականներու այցելութեան կապակցութեամբ, անոնց փոխանցեց իր սիրոյ ողջոյնն ու օրհնութիւնները, նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց՝ գնահատելով իրենց ընդգրկած ծառայութեան ճանապարհը։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018