Երեքշաբթի 18, Փետրուար 2025
ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱԶՆԻՒ ՉՈՊԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ
Յայտնի նկարչուհի Ազնիւ Չոպան այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ հաւաքական ցուցահանդէսի մը։ Այսպէս, Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է «Երեւակայել» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Երեսունութ արուեստագէտ մասնակցութիւն կը բերէ այս ծրագրին, որու քիւրաթէօրներն են՝ Ներկիզ Օրհոն Սոյտանէր եւ Էճէ Արման։ Ազնիւ Չոպան երեք ստեղծագործութիւններով մասնակցութիւն կը բերէ այս ցուցահանդէսին, որու բացումը կատարուեցաւ երէկ։ Ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Միւս կողմէ, յառաջիկայ Նոյեմբերին այս ցուցահանդէսը պիտի կրկնուի Փարիզի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Արման Պէրպէրեանի։
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016