ԵՐՐԵԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ
Կէտիկփաշայի ընտանիքը ապրեցաւ յատկանշական շաբաթավերջ մը։ Պատմական թաղի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի երրեակ յոբելեանները նշուեցան տօնական մթնոլորտի մէջ։ Այս տարի արտասովոր խանդավառութեամբ եւ յիշատակներու վերաթարմացմամբ տօնախմբուեցաւ Զուարթնոց երգչախումբի տարեդարձը՝ արտասահմանէն բազմաթիւ երէց անդամներու մասնակցութեամբ։ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Թաղի Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 125-ամեակին, երգչախումբի ստեղծման 80-ամեակին եւ Հարիւր մանկանց երգչախումբի կազմաւորման 60-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան խանդավառ արարողութիւններ։ Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, դպրապետ Լեւոն Սրկ. Էօզփեմպէ, որոնց յապաղումով միացաւ նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Տավութհան, Արման Մարաշլեան, Եդուարդ Դաւիթեան, Հրաչ Սուրէնեան, Վաղարշակ Սերովբեան եւ Տիգրան Պեսքիսիզեան սարկաւագները նաեւ այլ դպիրներ։ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբը հանդիսաւոր Ս. Պատարագին երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարեց իր ամբողջական կազմով՝ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի ղեկավարութեամբ եւ Հերման Փորթագալեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։
Իր քարոզին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան դրուատիքով եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կէտիկփաշայի ընտանիքին եւ Զուարթնոց երգչախումբին գործունէութեան մասին՝ շեշտելով, որ այդ աշխատանքը յառաջ կը տարուի անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհան-գըստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, անդամներն ու սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց այս փուլին միացաւ նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Մասնաւորապէս արտասահմանէն փութացած անդամներուն խանդավառութիւնը մեծ էր։ Զուարթնոցի արտասահման մեկնած կարգ մը անդամներն ալ փոխանցած էին պատգամներ՝ հնարաւորութիւն չունենալով ներկայ գտնուելու։ Այս առումով շատ յատկանշական էին ձեռնարկի տեւողութեան մեծադիր պաստառի վրայ ցուցադրուած հին լուսանկարները։ Այդ դրուագները եկան հերթական անգամ յիշեցնել, որ ինչքա՜ն խոր են Կէտիկփաշայի նախընթացները, որոնց հիման վրայ այսօր կը շարունակուի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին գործունէութիւնը։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու եւ դպրապետ Լեւոն Սրկ. Էօզփեմպէ արտայայտուեցան՝ անդրադառնալով երգչախումբի ներկայ գործունէութեան։ Արտայայտուեցան նաեւ Յարութիւն Շանլը եւ Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան։
Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած հիւրերը բարձր տրամադրութեամբ հետեւեցան նաեւ յայտագրի գեղարուեստական բաժնին։ Եշիլգիւղի վարժարանէն Արմէն Զէյֆիեան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքէն Մասիս Քափ հանդէս եկան երգեհոնի եւ դաշնամուրի նուագներով։ Մեներգեց Պեսսէ Քապաք, ջութակի նուագակցութեամբ Մեսրոպ Օհանեանի։ Մարալ Չաղլըչուպուքճու եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու ներկայացուցին երգեր, Յակոբ Մամիկոնեանի երգեհոնի նուագակցութեամբ։ Մեներգով մըն ալ հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի սիւներէն Լիւսի Գահվէճիօղլու։
Երրեակ յոբելեաններուն առթիւ տնօրէն խորհուրդին կողմէ պատրաստուած էին մասնաւոր յուշանը-ւէրներ, որոնք յանձնուեցան երգչախումբի երիցագոյն անդամներուն եւ այլ հիւրերուն։
Սիրոյ սեղանի փակման աղօթքը արտասանեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան՝ նկատի ունենալով, որ հոգեւորականաց դասուն միւս անդամները պարտա-ւորուած էին հրաժեշտ առնել խորհրդակատարութիւններու համար։ Սիրոյ սեղանի յայտագրի փակումէն վերջ Զուարթնոցի անդամները մնացին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր շարունակեցին իրենց անմիջական զրոյցը ու վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ վառ պահելու համար Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կանթեղը եւ նոյն նուիրումով ու ծառայասիրութեամբ յառաջ տանելու համար Դպրաց Դաս-երգչախումբին գործունէութիւնը։