ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՀԱՄԱԼԻՐ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջերս հե­տա­մուտ ե­ղած է կա­րե­ւոր ծրագ­րի մը՝ վար­ժա­րա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նոց-կեդ­րոն մը կա­ռու­ցուած է եւ այդ մէ­կը տե­ղա­կա­յուած է KEY Plaza-ի եւ դպրո­ցի շէն­քին մի­ջեւ՝ միաց­նե­լով զա­նոնք։ Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս ամ­սուան մէջ ար­դէն պի­տի կա­տա­րուի այս նոր բաժ­նին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։

Գա­րա­կէօ­զեա­նի գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նոց-կեդ­րո­նը կ՚ընդգր­կէ զա­նա­զան բա­ժան­մունք­ներ, ո­րոնք ա­շա­կերտ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռեն գե­ղա­րուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րուն մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հա­մար։ Կեդ­րո­նը կ՚ընդգր­կէ նաեւ մի­ջին տա­րո­ղու­թիւ­նով սրահ մը, ինչ որ յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը կը հա­մա­րուի այս ա­ռու­մով՝ որ­պէս­զի տղա­քը ի­րենց աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը կա­րե­նան ներ­կա­յաց­նել մաս­նա­ւոր հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով ա­պա­հո­ված է՝ որ­պէս­զի դպրո­ցը ու­նե­նայ կրթա­կան ա­ռու­մով մշա­կու­թա­յին վե­րել­քի շրջան մը եւ ներ­կա­յիս ի շա­րու­նա­կու­թիւն այդ նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ դպրո­ցը կ՚օժ­տուի նման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նով մը։

Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, տե­ղին կար­գադ­րու­թիւ­նով մը ո­րո­շած է գե­ղա­րուես­տա­կան այս նոր աշ­խա­տա­նոց-կեդ­րո­նը կո­չել Տիգ­րան-Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ա­մո­լի ա­նու­նով։ Սա շատ լաւ ձեւ մըն է մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով մեզ­մէ հրա­ժեշտ ա­ռած նո­րոգ հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի բա­րի յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Այդ ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը նաեւ բա­րո­յա­կան տուր­քի մը հա­տու­ցու­մը կը հա­մա­րուի Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի նկատ­մամբ, որ այս հաս­տա­տու­թեան ար­դի պատ­մու­թեան բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րու կի­զա­կէ­տին կանգ­նած է եւ այս շրջա­նին գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը զին­քը կ՚ող­ջու­նեն՝ որ­պէս ա­տե­նա­պետ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան 15-ա­մեա­կի շրջա­նին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016