ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ քէրմէս մը կազմակերպած էր ի նպաստ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց թաղեցիներ եւ համակիրներ, որոնք Ամանորի ընդառաջ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած՝ տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններուն նկատմամբ ցուցաբերեցին մօտիկ հետաքրքրութիւն։

Քէրմէսի կազմակերպչական աշխատանքները կատարուած էին Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Գարոլին Քեպապճը (ատենապետուհի), Այտա Սիւրմէեան, Ալին Տեմիր, Տէօնիս Թաշհան, Կիւլտէն Թեքին, Գարին Վարժապետեան, Լետա Խրիմեան, Լեռնա Ատըկիւզէլ, Լիտիա Սիւզմէ, Լորա Օքթայ, Լիւսի Չընար, Շիլա Մինաս, Դալար Տոլար, Զիւպէյտէ Կէօքչէ, Իլտա Աշճը, Անահիտ Սանոսեան եւ Հիլտա Տեմիրճիօղլու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021