ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի 51-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին պատշաճ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կանգ առաւ յաւիտենական կեանքի խորհուրդին վրայ եւ ի շարունակութիւն մեկնաբանեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութիւնը։ Հայր Սուրբը մատնանշեց, որ կեանքի մէջ ամէն ինչ ընդհանրապէս ուսուցող է, սակայն կրթական մշակ ըլլալը ունի բոլորովին տարբեր իմաստ մը ու կ՚ենթադրէ բոլորովին տարբեր առաքելութիւն մը։ Մեր իրականութեան մէջ կրթական մշակի կոչումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ազգային արժէքներու պահպանման տեսանկիւնէն։ Ուստի, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան մասին՝ ազգային արժէքներու պահպանման գործին հետեւողականօրէն նախանձախնդրութեամբ հետամուտ ըլլալու տեսանկիւնէն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եւ այս առթիւ բիւր յարգանքով ու երախտագիտութեամբ ոգեկոչուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադիրները, բոլոր սատարողներն ու բարերարները, անցեալի վարչայինները, պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր անդարձ բաժնուած կրթական մշակները, որոնք իրենց կեանքը ներդրած էին սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան համար։
Երէկուան արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր ընկերները, Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, մեր վարժարաններէն տնօրէններ, կրթական մշակներ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ հոգեւորական Հայր Նիքոլաուս Վիրվուլ, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ Շիշլիի քաղաքապետարանի խորհուրդէն Վազգէն Պարըն։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024