ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՀԱՅԿ ՆՇԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս միջվարժարանային մարզական խրախճանքով մը ոգեկոչեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու երախտաշատ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութիւնը բծախնդիր աշխատանքով մը կազմակերպած էր այս մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Շաբաթավերջին, երկու օրերու վրայ նախատեսուած ծրագրի շրջանակին մէջ, չորս մարզաձեւերու գծով երիտասարդներ չափեցին իրենց մարզական կարողութիւնները։

Բացի պոլսահայ հինգ լիսէներէն՝ Կեդրոնականէն, Էսաեանէն, Մխիթարեանէն, Սահակեան-Նունեանէն եւ Դպրեվանքէն, այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերին յոյն համայնքի Զափիոն, Զողրաֆիոն եւ Ֆէնէրի լիսէները։ Ընդհանուր առմամբ ութ վարժարաններէ աշակերտներու եղբայրական մրցակցութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ այս մարզական խրախճանքը, որու բոլոր մասնակիցները իսկապէս բաւարարուած էին եւ ժամադրուեցան յառաջիկայ տարուան մրցաշարքին համար։

Խաղերու աւարտին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ մինչ ուսուցիչները գնահատեցին երիտասարդներու կարողութիւնները։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը այս փուլին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր հոգելոյս Հայկ Նշանի այրին՝ բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան, որ եւս պարգեւները բաշխելու ժամանակ շնորհաւորեց դափնեկիր երիտասարդները եւ մրցաշարքի բոլոր կազմակերպիչները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024