ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 181-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապրուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ելն ի Վի­րա­պի տօ­նին, Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 181-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։

Շա­բաթ, Գուզ­կուն­ճու­քի մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Ներ­կայ էին Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քեւ։ Հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հե­տե­ւե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից պար­տէ­զին մէջ։

Իսկ ե­րէկ Գուզ­կուն­ճու­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ դար­ձեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեան մը կող­մէ։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Կէ­տիկ­փա­շա­յի Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճուի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Հեր­ման Փոր­թա­գա­լեա­նի։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ սար­քուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ սի­րոյ սե­ղան մը։ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Եդուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմ­բուե­ցան տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ պատ­րաստուած սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Ներ­կա­նե­րը հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի հուսկ բան­քով եւ միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016