ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, սատարողները, կրթական մշակներն ու բոլոր սաները։
Աւելի վերջ վարժարանի պարտէզին մէջ սկսաւ շրջանաւարտից օրուան հանդիսութիւնը։ Զանազան սերունդներէ սաներ համախմբուեցան բացօթեայ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Այս տարուան շրջանաւարտից հաւաքը արտասովոր նշանակութիւն ունէր Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ զուգադիպեցաւ լիսէի բաժնի հիմնադրութեան յիսնամեակի յոբելենական շրջանին։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Անի Տելիմելքոնօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Սեդա Սէմէրճեան՝ որպէս երիցագոյն, իսկ Տարօն Տեւլէթօղլու որպէս կրտսերագոյն բաժակ բարձրացուցին Սահակեան-Նունեան վարժարանին համար։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու եւ յանուն սանուց միութեան վարչութեան Արա Քուրտօղլու։ 25-ամեայ եւ 40-ամեայ շրջանաւարտ յոբելեար դասարաններու աշակերտները ստացան յուշանուէրներ։ 40-ամեայ յոբելեարներուն անունով արտայայտուեցաւ Նատիա Սերոբեան, իսկ 25-ամեայ յոբելեարներուն անունով՝ Լեռնա Եաղեազան եւ Ղուկաս Արզուման։ Յայտագրին տեւողութեան դպրոցի այժմու սաներն ալ խմբերգներով հանդէս եկան՝ Անի Քուրտօղլուի մականին ներքեւ։
Շրջանաւարտից հաւաքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Սամաթիոյ ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր եւ վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ ապրին զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։