ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հեր­թա­կան գի­տա­կան խրախ­ճան­քը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս ծրա­գի­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կեան­քի կը կո­չուի հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն եւ ար­դէն ստա­ցած է ա­ւան­դա­կան բնոյթ մը։ Ա­մէն տա­րի ամ­րան ար­ձա­կուր­դին ըն­դա­ռաջ, հա­մայն­քա­յին միջ­նա­կար­գե­րու սա­նե­րը կը հա­մախմ­բուին Պէզ­ճեան մայր վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ի­րա­րու հետ կը բաժ­նեն ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին, ի­րենց գի­տա­կան միտ­քի զար­գաց­ման ար­գա­սիք­նե­րը։ Այս տա­րի ալ ե­ղաւ այդ­պէս։ Դպրո­ցի զա­նա­զան դա­սա­րան­նե­րը կամ բա­ժին­նե­րը յատ­կա­ցուած էին դպրո­ցի մը խում­բին, ուր իւ­րա­քան­չիւ­րը կը ներ­կա­յաց­նէր իր գի­տա­կան ծրա­գի­րը։

12-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս գի­տա­կան խրախ­ճան­քին շրջագ­ծով հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի՝ Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ դի­մա­ւո­րեց բո­լոր ա­շա­կեր­տա­կան խում­բե­րը, ո­րոնք գլխա­ւո­րուած էին գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Մինչ տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց նա­խագ­ծե­րը, գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­ներն ալ ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­նոնց աշ­խա­տան­քին։ Կէ­սօ­րին բո­լո­րը ճա­շե­ցին միաս­նա­բար եւ ա­ւե­լի վերջ գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րը ա­ռանձ­նա­նա­լով ար­ժե­ւո­րե­ցին օ­րուան նա­խագ­ծե­րը։ Այս խրախ­ճան­քի ա­ւար­տին, բնոյ­թին բե­րու­մով, դափ­նե­կիր­նե­րու ա­նուն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուիր, սա­կայն գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րը ի­րենց ար­ժե­ւոր­ման ար­դիւնք­նե­րը բաժ­նե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ եւ պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թեան զու­գա­հեռ ընդգ­ծե­ցին յատ­կան­շա­կան գոր­ծե­րը։

Գի­տա­կան խրախ­ճան­քին ծրա­գի­րը ա­ւար­տին հա­սաւ վար­ժա­րան­նե­րու գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նուած մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­նե­րով եւ Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լա­նի եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ար­ձակ­ման պա­հուն կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան խրախ­ճան­քին հա­մար տղա­քը այժ­մէն պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կեն։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016