ԽՆԴՈՒՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, լոնտոնահայ հռչակաւոր կատակաբան Գեւ Օրգեան ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ, համանուն սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած երեկոյթը տեղի ունեցաւ՝ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի առընթեր Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։

Երեկոյթը, բառին բուն իմաստով, խնդուքներու տարափի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Գեւ Օրգեան 90 վայրկեան մնաց բեմին վրայ, առանց դադարի։ Ան իր սրամտութիւններով գրաւեց բոլորին սիրտը եւ մէկուկէս ժամ պոլսահայ հանդիսատեսները մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան իրեն։ Գեւ Օրգեան միեւնոյն ժամանակ հանդէս եկաւ դաշնակի նուագներով։ Դահլիճին հետ ան հաստատեց աննկարագրելի հաղորդակցութիւն մը եւ ելոյթի աւարտին արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու։

Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներէն Էլլա Ենոքեան եւ Ալէն Հրանդօղլու ողջունեցին Գեւ Օրգեանը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանն ալ երեկոյթի աւարտին յուշանուէր մը յանձնեց յայտնի կատակաբանին։

Ելոյթը կը կրկնուի նաեւ այս երեկոյեան։

Մինչ այդ, Գեւ Օրգեան երէկ այցելեց Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, ուր ճաշեց աշակերտութեան հետ ու շրջայց մը կատարեց դպրոցէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018