ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Աթագիւղի Ողիմպիական աւանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մարմնամարզի խրախճանք մը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։ Զանազան վարժարաններէ աշակերտներ հանդէս եկան եղբայրական մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Անոնք յաջող ելոյթներ ունեցան՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Հուսկ, մրցանակաբաշխման փուլին դափնեկիրներուն յանձնուեցան պարգեւներ՝ ձեռամբ Գալֆաեան տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի։ (Համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն՝ «Լոյս մետիա»ին)

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024