ՀՐԱԺԵՇՏ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ: Այս հանդիսութիւնը կը կրէր յատկանաշական բնոյթ Մխիթարեանի պատմութեան մէջ, քանի որ այս տարի վարժարանը կու տար իր 190-րդ շրջանաւարտները: Հանդէսին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Շիշլիի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, ատենապետ Արման Գամարի գլխաւորութեամբ Մատակարար մարմնի անդամ եւ անդամուհիներ, վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը, Ծնողաց միութիւնները, ծնողներ եւ հիւրեր:
Օրուան խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն Ռոմինա Սեզէր եւ Արաս Շահին: Հանդէսին բացման խօսակցութիւնը ըրաւ Պերճ Մենզիլճիօղլու: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք միշտ ցոյց տուած էին յարատեւ աշխատութիւն: Պերճ Մենզիլճիօղլու չմոռցաւ նաեւ ուղարկել իր շնորհակալութիւնները վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին, Ծնողաց միութիւններուն, քարտուղարութեան եւ անձնակազմին, որոնք ձեռք ձեռքի տուած՝ ամէն ջանք ի գործ դրած էին հասցնելու համար վարժարանի այսօրուան հունձքը: Ապա արտայայտուեցաւ վարժարանի լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ ընթացաւարտ աշակերտներուն տուաւ հրահանգիչ խրատներ: Ան տղոց պատգամեց որդեգրել նպատակ մը իրենց կեանքին մէջ եւ յամառ աշխատութեամբ ձգտիլ անոր: Տղոց ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան:
Նախքան վկայականներու բաշխման հանդիսութեան սկսիլը, նախ բեմ հրաւիրուեցան լիկէոնի «ՄԱԿ-Մանրատիպ» ակումբէն եօթ աշակերտներ՝ Գոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ, Այգ Թուրաչ եւ իրենց անգլերէնի եւ ակումբի ուսուցչուհին՝ Սեսիլ Քոճա: Այս խոստմնալից աշակերտները 12-16 Յունիս թուականներուն «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցած էին «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ժողովին, պատրաստելով Ափրիկէի մասին օրինագիծ մը, որ իրաւունք շահած էր ուղարկուելու «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի ընդհանուր ժողովին: Իսկ օրինագծին հեղինակը՝ Ռոպէրթ Շահին արժանացած էր «Ընտրելագոյն պատգամաւոր»ի մրցանակին: Այս առթիւ ակումբի անդամներուն յանձնուեցան յուշատախտակներ:
Յետոյ վարդապետներու, Շիշլիի կրթական տնօրէնի, վարժարանի վարիչներու եւ կրթական մշակներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները: Մատակարար մարմինն ալ ընթացաւարտներուն համար պատրաստած էր իմաստալից նուէրներ: Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ աւարտական դասարանի յաջողագոյն աշակերտները: 2014-2015 ուսման տարեշրջանին վարժարանին երրորդը հանդիսացած էր Թամար Թէրզիօղլու, երկրորդը՝ Արման Չամ, իսկ վարժարանին առաջինը հանդիսացած էր Պերիլ Հանչէր: Դարձեալ Պերիլ Հանչէրն էր որ թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեամբ արժանացաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամին: Իսկ միջնակարգի բաժնի առաջինը հանդիսացած էր Լիզա Պապաօղլու, որ նմանապէս պարգեւատրուեցաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամով: Դափնեկիր աշակերտները ողջունուեցան ծափողջոյններով: Յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան՝ Պերիլ Հանչէր արտայայտեց իր զգացումները: Ան պարտք համարեց յղել իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան վարժարանին, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ունէին իրենց անուրանալի բաժինը իր եւ իր ընկերներուն յաջողութեանը մէջ:
Յանուն Մխիթարեան սանուց միութեան շրջանաւարտ աշակերտներուն խօսք ուղղեց վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան: Ան խօսեցաւ միութեան ապագայ ծրագրերուն մասին եւ տղաքը հրաւիրեց յաճախ մէկտեղուիլ իրենց հաւաքատեղիին մէջ, որպէսզի տարիներու ընթացքին իրենց միջեւ գոյացած կապը երբեք չխզուի: Ան աշակերտները հրաւիրեց նաեւ իրենց յղացումներով, իրենց նախագիծ եւ առաջարկներով ներկայանալ սանուց միութեան եւ այս յարկին տակ կեանքի կոչել զանոնք:
Տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան: Բարձր գնահատելով Մխիթարեանի յարկին տակ տղոց ջամբուած ուսման մակարդակը եւ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնը, Հ. Յակովբոս Վարդապետը տղոց պատգամեց տէր կանգնիլ այդ անգին արժէքներուն: Վարդապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ համալսարանական ուսումը մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մը ըլլալով հանդերձ, ատկէ ա՛լ աւելի կարեւոր են անհատական նկարագիրը, խելացիութիւնը եւ կարողութիւնները, որոնք նպաստաւոր դռներ կը բանան երիտասարդներուն առջեւ: Եւ վերջապէս ան տղոց ուղղեց իր բարեմաղթանքները, Աստուծմէ հայցելով, որ անոնց կեանքը միշտ խինդով լեցուի եւ անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին պատուաբեր յաջողութեամբ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պաստառի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին տողանցեցին աւարտական դասարանի ուսումնական շրջանէն խօսուն դրուագներ:
Յետոյ բոլոր ներկաները պատուասիրուեցան ընթրիքով: Երեկոյթին ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ընթացաւարտ տղաքը միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան կարկանդակը: Անոնք նկարուեցան եւ զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ:
Այսպէս՝ Մխիթարեան վարժարանը տուաւ իր 190-րդ շրջանաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ արժէքաւոր, իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ, որոնց բոլորն ալ ապագայ կը խոստանան եւ վաղը անոնք հաւանաբար պիտի դառնան մեր ազգին պարծանքը: