ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ԴՊՐՈՑԷՆ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէս։ Վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուած վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ան­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ջերմ զգա­ցում­նե­րով ող­ջու­նեց հաս­տա­տու­թեան այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այս հա­ւա­քոյ­թը շար­ժա­ռի­թի մը վե­րա­ծուե­ցաւ մե­ծա­րե­լու հա­մար Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեա­նը, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի փո­խան­ցէ իր հեր­թը։ Ան ե­րէկ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռար­կայ դար­ձաւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րուն։

Շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սին յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ժան Յա­կո­բեա­նի եւ Ան­նա Թէր­զիի։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Ալ­ճան, Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան եւ վար­ժա­րա­նի նախ­կին բազ­մա­մեայ տնօ­րէն Հայկ Նշան։

Ե­րէ­կուան հան­դէ­սին ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած էր յատ­կան­շա­կան ա­նակն­կալ մը։ Վար­ժա­րա­նի նկար­չու­թեան ու­սու­ցիչ Սա­յաթ Ու­շաք­լը­կիլ, որ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ մըն է, պատ­րաս­տած էր այս տա­րուան բո­լոր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն դի­ման­կա­րը։ Իր այդ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը զե­տե­ղուած էին բե­մին վրայ, ինչ որ խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նով մը ներ­կա­յա­ցուե­ցան այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­ներն ու յու­շա­նուէր­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձան յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը՝ Տա­նիել­լա Պա­քըր­ճըօղ­լու, Ժա­նէթ Գա­զան­ճեան եւ Աս­լին Ճե­հե­րեան։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Կար­կան­դակ մը հա­տուե­ցաւ ի պա­տիւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն, ո­րոնք դպրո­ցէն հրա­ժեշտ ա­ռին յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­նե­րով եւ վեր­ջին ան­գամ ըմ­բոշխ­նե­ցին այդ նուի­րեալ եր­դի­քին տակ որ­պէս ա­շա­կերտ միաս­նա­բար գտնուե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի զգա­ցու­մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016