ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Հանդէսին մասնակցեցան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի մատակարար մարմնի անդամները, տնօրէնուհիները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Սաներու ելոյթներուն առընթեր ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Թանիա Փաքերթիկ։ Մանկապարտէզի ծնողներու անունով արտայայտուեցաւ Քարին Կիւր։ Դպրոցի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը ջերմ շնորհաւորութիւններով ողջունեց մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք առաջին անգամ ստացան խորհրդանշական վկայականներ։

Փակումը կատարեց Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ փոքրիկներուն յաջողութիւն մաղթեց ապագայ ուսումնական կեանքին մէջ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021