ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան, թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն շուրջ։  Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան փոխանցելով իր օրհնութիւնները՝ թաղականներուն յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց՝ աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019